Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այս ժամանակահատուածին, արկածախնդիր անձ մը, մեր կազմակերպութեան անունը արատաւորելու համար, վերջին օրերուն Երեւանի մէջ հրապարակած է սպառնական գրութիւն մը Ժիրայր Լիպարիտեանի հասցէին, ով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումին յաջորդած առաջին տարիներուն պետական կարեւոր պաշտօններ ստանձնած է:

Անկախ Ժիրայր Լիպարիտեանի անձի ու անոր գործունէութեան մեր գնահատականէն, կտրականապէս կը հերքենք նշուած յայտարարութեան մեր կազմակերպութեան պատկանիլը: Կը վստահեցնենք, որ այս խառնակիչը իր արարքին պատասխանատուութենէն պիտի չկարենայ խուսափիլ։
Կը յայտարարենք, որ ՀԱՀԳԲ-ի մասին հաւաստի տեղեկութիւններու սկզբնաղբիւրը կը հանդիսանայ կազմակերպութեան պաշտօնական հետեւեալ կայքը՝  www.asala.army

16 Դեկտեմբեր 2021
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ