Այսօր համացանցին մէջ տարածուած է տեսանիւթ մը, ուր դէմքերը ծածկած անձերէն ոմանց գլխարկներուն վրայ պատկերուած է մեր կազմակերպութեան զինանշանը, իսկ տեսանիւթին մէջ կը հնչեն սպառնալիքներ՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական իշխանութիւններուն եւ վարչապետին։
Կտրուկ կերպով կը յայտարարենք, թէ նշեալ տեսանիւթը, այնտեղ ներկայացուած անձերը եւ անոնց կողմէ հնչեցուած յայտարարութիւնները որեւէ առնչութիւն չունին մեր կազմակերպութեան հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի արիւնալի ահաբեկչութիւնը կազմակերպած բոլորիս ծանօթ արտաքին ուժերը եւ անոնց հայանուն կամակատարները նման սադրիչ գործողութիւններով կը փորձեն հարուած հասցնել մեր պետականութեան, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ պառակտում սերմանել մեր ժողովուրդին մէջ՝ արհեստական բաժանարար գիծեր ստեղծելով արցախահայութեան եւ հայաստանցիներուն միջեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ ահաբեկչական որեւէ դրսեւորում անընդունելի է։ Նման գործողութիւնները բացայայտօրէն կը ծառայեն մեր ժողովուրդի թշնամիներուն շահերուն եւ դատապարտուած են ձախողութեան՝ բախելով հայ ժողովուրդի պետականամէտ գիտակցութեան եւ արթնամտութեան։
Հայ ժողովուրդին՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի, կոչ կ՛ուղղենք, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլին մէջ առաջնորդուին պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման սկզբունքով, վստահին բացառապէս սեփական ուժերուն եւ չտրուին այն անհայրենիք ու օտար շահերու ծառայող շրջանակներու մանիպուլացիաներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ թալանած են Հայաստանը, տկարացուցած բանակը, հարուած հասցուցած ազգային միասնականութեան եւ բազմաթիւ հայեր ստիպած լքելու հայրենիքը։ Այդ ուժերը արմատներ չունին ո՛չ հայ ժողովուրդին, ո՛չ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
19 Մայիս 2026