Եանիկեան գիտէր, թէ ինք մինակ պիտի չմնար՝ ինչպէս յետագային պիտի յայտարարէր: Անոր վճռական քայլը ներշնչման աղբիւր դառնալով փարոսի նման լուսաւորեց հայ երիտասարդութեան այն հատուածին, որ որոնումներու մէջ կը գտնուէր՝ Հայութեան ազգային և մարդկային իրաւունքները՝ Հայաստանի ազատագրման արդիւնաւէտ ուղին ընտրելու համար: