Սիրելի՛ ժողովուրդ ի Հայաստանի եւ յԱրցախի հանրապետութիւններ եւ ի սփիւռս աշխարհի,

Արցախեան առաջին պատերազմի փառապանծ յաղթանակներէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկն ստանձնած իրարայաջորդ իշխանութիւններու ապիկար գործունէութեան հետեւանքով կորսնցուցինք առողջ պետականութիւն կառուցելու երկու տասնամեակէ աւելի ոսկեայ առիթ՝ յուսահատութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի մղելով հայրենաբնակ ժողովուրդը:

2020 թուականի ռազմական պարտութեան նախորդող տարիներուն, փտածութեան մէջ թաղուած պետական պատասխանատուները արդէն ընդունած էին սեփական պարտութիւնը դիւանագիտութեան մարզին մէջ՝ հերթաբար հաւանութիւն տալով Հայաստանի (ներառեալ Արցախի) կենսական շահերուն դէմ առաջարկուող բանաձեւերուն, աշխարհասփիւռ հայութենէն գաղտնի պահելով բանակցութիւններու ընթացքին հայկական տարածքները յանձնելու իրենց պարտուողական կեցուածքը: ՀՀ-ի իշխանաւորներու հետ այլեւս հաշուի չէր նստեր ոչ միայն թշնամին. զայն կարհամարհէին կամ կանտեսէին նաեւ դաշնակից, բարեկամ եւ չէզոք երկիրներու ղեկավարները, որովհետեւ երկու տասնամեակէ աւելի սեփական երկիրը կողոպտած վերնախաւը երկրի գրեթէ բոլոր ռազմավարական նշանակութեան հիմնարկներն ու կառոյցները օտար պետութիւններու ծախած կամ յանձնած էր, մէկ մասն ալ՝ իւրացուցած:

44-օրեայ պատերազմին, հակառակ իր հրամանատարական կազմի որոշ հատուածի անընդունակութեան, ՀՀ-ի բանակը հերոսական եւ կատաղի դիմադրութիւն ցուցաբերեց Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու թեքնիք ու մասնագիտական լայնածաւալ աջակցութիւնը վայելող եւ վարձկան ահաբեկիչներով համալրուած ատրպէյճանական բանակին, որոնք այսօր կը հպարտանան ուրիշի հաշուին իբրեւ թէ յաղթած պատերազմով, թէեւ 44-օրեայ պատերազմին հայկական դիրքերուն մեծ մասը անսասան մնաց՝ բացի հարաւային ռազմաճակատէն:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Աչքի առաջ ունենալով միջազգային գետնի վրայ ընթացող բեւեռացումները, տարածաշրջանային յաւակնութիւններն ու հաւանական անկայունութիւնները, եւ նկատի առնելով 44-օրեայ պատերազմի անյաջողութեան հետեւանքով հիասթափութեան եւ յուսահատութեան էջը շրջելու անհրաժեշտութիւնը, կառաջադրենք՝

Որպէս սկզբունք, ամբողջ հայութիւնը՝ ի Հայաստանի եւ յԱրցախի հանրապետութիւններ եւ ի սփիւռս աշխարհի պէտք է ըլլայ պետականամէտ եւ ա՛յդ սկզբունքով՝ միասնական: Պետականամէտութեա՛մբ պէտք է գործեն ամբողջ հայ ժողովուրդը, անոր քաղաքական, հասարակական, մշակութային, բարեգործական եւ միւս բոլոր կազմակերպութիւնները, ուժերն ու Եկեղեցին: Այլեւս պէտք է վերջակէտ դնել եսակեդրոն, պոռոտախօս, երկփեղկուած, ինքնագլուխ, այլամերժ եւ պառակտիչ քայլերուն եւ օտարին ծառայող մօտեցումներուն: Ըլլա՛լ պետականամէտ, անկախ անկէ, թէ հայրենի ժողովուրդը ներկայիս քաղաքական ո՛ր ուժին կամ ուժերուն յանձնած է կամ պիտի յանձնէ երկիրը ղեկավարելու իրաւունքը:

– Ստեղծուած ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց իշխանութիւններն ու Սփիւռքի քաղաքական ուժերը, առաջնորդուելով միեւնոյն սկզբունքներով, պէտք է գործեն ապակեդրոն դրութեամբ՝ իւրովի, տեղական պայմաններէն մեկնած, սակայն փոխըմբռնումով, մէկը միւսը լրացնելով, իւրաքանչիւր քայլի հետեւանքները խորապէս սերտելով:

– Արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, Թուրքիոյ կամ որեւէ օտար կողմի հետ, ՀՀ-ի իշխանութիւնները պէտք է ըլլան որքան շրջահայեաց, նոյնքան ալ ինքնավստահ, եւ խօսին առանց միջնորդներու: ՀՀ-ի իշխանութիւնները պէտք է խօսին իրե՛նց անունով, ոչ թէ զիրենք փոխարինէ որեւէ երրորդ պետութիւն, որ, բնականաբար, իր սեփական շահը հետապնդելով, զիջումներ պիտի ընէ հայրենական պետութեանց ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հայոց ազգային արժանապատուութեան հաշուին: Մեր ամենավա՛տ բանակցութիւնը նոյնիսկ գերադասելի է որեւէ երրորդ կողմի՝ մեր անունէն կատարուող բանակցութենէն: Կը վստահեցնենք, որ այդ պարագային, Երեւան պիտի վայելէ սփիւռքահայութեան, նուազագոյնը անոր մեծամասնութեան աջակցութիւնը:

– Պէտք է ձախողցնել օտար ուժերու՝ Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Սփիւռքի միջեւ սեպ խրելու բոլոր փորձերը: Արցախը եւ Սփիւռքը պէտք է առաջնորդուին իրենց օրակարգերով: Անոնք իրենց կառուցողական տեսակէտները ամենայն զսպուածությամբ յայտնելով հանդերձ, պէտք է խուսափին Երեւանը կաշկանդելու, ՀՀ-ի իշխանութեանց դասեր տալու յաւակնութիւններէ:

– Պատերազմի հոգեբանական եւ նիւթական հետեւանքներու վերացման հարցին մէջ Սփիւռքը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ: Սփիւռքի դերակատարութիւնը կրնայ ըլլալ ազդեցիկ, եթէ առողջ գաղափարներու շուրջ միաւորուի նախ ի՛նքը Սփիւռքը՝ իր անտեսուած 95 տոկոս հայութեամբ: Սփիւռքի կազմակերպման հարցին մէջ պէտք է դեր ստանձնէ հայկական պետականութիւնը, ինչի մէջ ուշացած է արդէն երեք տասնամեակ:

– Առանց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներքին կայունութիւն ապահովելու, Երեւան չի կրնար արտաքին սպառնալիքներուն դիմակայել: 2018-ի գարնանային յեղափոխութիւնը, որ գլխաւորաբար փտածութեան, կամայականութեան, ընտրախախտումներու եւ կողոպուտի դէմ համաժողովրդային շարժում էր, հակառակ իր բարձրացուցած կարգախօսներուն ու մինչեւ օրս վայելող ժողովրդականութեան, չէ յաջողած երկրին մէջ պատշաճ կարգ ու կանոն հաստատել, ժողովուրդին եւ պետութեան վերադարձնել 25 տարիներու ընթացքին կողոպտուածը: Ժողովրդավարութեան անուան տակ այդ ընթացքներն այնքան դանդաղ են եւ արդիւնքներն այնքան աննշան, որ հարցականի տակ կը դնեն իշխանութեանց՝ արդարութիւն հաստատելու վճռականութեան անկեղծութիւնը: Պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը իշխանութեան այդպիսի գործելաոճը, մեր համոզմամբ, կրնայ բացասական անդառնալի հետեւանքներ ունենալ, ընդհուպ մինչեւ ՀՀ-ի ինքնիշխանութեան ամբողջական կորուստ:

– Հայ Եկեղեցւոյ, յատկապէս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կղերականներու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական հարցերուն մէջ ներքաշումը կը նկատենք արկածախնդրական, անպատասխանատու եւ անընդունելի: Սթափութեան կոչ կուղղենք անոնց, ու կը յորդորենք հետեւիլ ազգի նուիրեալ ծառայ Խրիմեան Հայրիկներու եւ Գարեգին Յովսէփեաններու օրինակին, իրենք զիրենք հեռու պահել օրինախախտներէն եւ կողոպտիչներէն, կանգնիլ ո՛չ թէ սեփական ժողովուրդի մեծամասնութեան դէմ, այլ՝ անոր կողքին եւ քաղաքական ելոյթներու փոխարէն, ինքնասրբագրել՝ անկեղծօրէն ընթացք տալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 70-ամեայ պառակտումը վերացնելուն:

Մեր կազմակերպութեան հիմնադրութեան 47-ամեակին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կրկին անգամ կը յայտարարէ իր սկզբունքային կեցուածքը՝ առանց Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքաշելու, հետապնդել հայութեան ոտնահարուած արդար իրաւունքներու վերատիրացման հարցը, առաջին հերթին՝ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի ազատագրումը, միեւնոյն ժամանակ սատարելով հայրենի պետականութեան, անկախ հոն տիրող վարչակարգին ու իշխանութիւններուն ինքնութենէն:

Քաղաքական խոհեմութիւնն ու հետեւողականութիւնը մեզ կը հասցնեն մեր նպատակներուն: Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ:

 

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ

20 Յունուար 2022