Այսօր արդէն իրականութիւն է հերոս Գուրգէն Եանիկեանի կտակներէն մէկը՝ անոր աճիւններուն հայրենադարձը: Հայրենի երկրի ծնունդ այս ՄԵԾ ՀԱՅը կը վերադառնայ Մայր Հողին՝ մեր ազատամարտերու հերոսներու Եռաբլուր պանթէոն՝ հայ սերունդներուն իր աճիւններով ալ ներշնչելու հետևողական պայքարի ճամբով Հայրենիքի անվտանգութեան և գրաւեալ տարածքներու ազատագրութեան գաղափարը արմատաւորելով:
27 Յունուար 1973-ին ամերիկեան Սանթա Պարպարա քաղաքին մէջ հնչած կրակոցները դարձան պատմական եւ ուղենշային վերջին յիսնամեակի հայկական ազատագրական պայքարին համար: Այդ օրը, Մայր Երկրի սիրտին՝ Կարինի մէջ ծնած 78-ամեայ Գուրգէն Եանիկեանը, զգետնելով Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսն ու անոր տեղակալը, աշխարհով մէկ յայտարարեց «հայ անհատի պատերազմը թուրքին դէմ»: Արդարեւ, այլ ելք չէր մնացած հայութեան արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու, բացի զէնքին դիմելէ: Հայութիւնը և նոյն Եանիկեանը քանի մը տասնեակ տարի այդ ուղղութեամբ աշխատած էին, սակայն միշտ հանդիպած անտեսումներու, հեգնանքներու, խոչընդոտներու կամ լուռ ականջներու: Ուրեմն, ելքը մնացեր էր միակը՝ Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ Շերեփը:
Եանիկեան գիտէր, թէ ինք մինակ պիտի չմնար՝ ինչպէս յետագային պիտի յայտարարէր: Անոր վճռական քայլը ներշնչման աղբիւր դառնալով փարոսի նման լուսաւորեց հայ երիտասարդութեան այն հատուածին, որ որոնումներու մէջ կը գտնուէր՝ Հայութեան ազգային և մարդկային իրաւունքները՝ Հայաստանի ազատագրման արդիւնաւէտ ուղին ընտրելու համար: Եանիկեանի խիզախ արարքէն ընդամէնը երկու տարի ետք՝ 20 Յունուար 1975-ին տարասփիւռ հայութեան զաւակներու անմնացորդ նուիրումի շնորհիվ ծնունդ առաւ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, որ իր իրագործած հարիւրաւոր գործողութիւններով ապացուցեց, թէ Եանիկեանը իսկապէս մինակ չէր մնացած: Եւ պատահական չէ, որ հերոս ծերունին բանտէն իր օրհնութիւնը յղեց Հ. Ա. Հ. Գ. Բանակի ազատամարտիկներուն՝ հպարտօրէն զանոնք կոչելով իր զաւակները, ովքեր լուաւորեցին իր բանտի խուցը: Հ. Ա. Հ. Գ. Բանակը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն, Գուրգէն Եանիկեանը յայտարարեց իր գաղափարական հայրը, պարտաւորեցնող կոչում մը ընթանալու անմահ հերոսին նախանշած ուղիով՝ անշեղօրէ՛ն:
Բարի վերադա՛րձ Հայրենիք:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
2 Մայիս 2019