ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՄԷՆ ՏԵՂ

Կասկածելի անձեր, հրահանգներ ստանալով մութ ուժերէ, կատարած են կարգ մը արարքներ, որոնց կը պակսի սկզբունք եւ պարկեշտութիւն: Այս մակաբոյծները օգտագործած են մեր անունը, առանց սակայն պահելու յեղափոխականի վայել մեր մակարդակն ու սկզբունքները:
Ասոնց նպատակն է.
ա. Նսեմացնել մեր անունը եւ խեղաթիւրել մեր պայքարի կոչումը:
բ. Մեր շարժումին անունով հանգանակել գումարներ՝ անձնական շահերու համար, խանգարելով իսկական յեղափոխական գործը եւ չարաշահելով բազմիցս զոհաբերուող Հայութեան զգացումներն ու նիւթական միջոցները:
Այսու կը վստահեցնենք մեր պատուախնդիր հասարակութեան, թէ Հայաստանի Ագատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը պիտի չընդկրկի իր առաքելութեան մէջ եւ ուժգնօրէն պիտի հարուածէ բոլոր այն կեդրոնները, հաստատութիւններն ու անհատները, որոնք կ՚օգտագործեն մեր անունը եւ կը ծառայեն թշնամիին՝ ուր որ ալ ըլլան անոնք:
Այս հաստատ որոշումը արդիւնք է վաթսունամեայ դառն փորձառութեան եւ երկարատեւ սերտողութեան:
Հայ Գաղտնի Բանակը, որ նոյնացած է Հայ Ազգի խորագոյն իղձերուն հետ, այդ հիման վրայ գործած է ոչ միայն Սանթա Պարպարայի, Վիեննայի, Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ, այլ ուժգին հարուածներով ցնցած է թշնամին Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ:
Հայ գանգուածներուն բազկերակը մեր բազկերակն է: Չանսացողները առիթը պիտի չունենան արդարանալու:
Մեր ինքնութիւնը միաձուլուած է Հայութեան ինքնութեան հետ:
Կեցցէ հայ ժողովուրդի ագգային ագատագրական պայքարը:
Անկցի թուրքական բռնատիրութիւնը:

28 Փետրուար 1977
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԸՆԴՀ. ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ