ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՒՒՆ

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը յայտարարէ աշխարհի բոլոր կառավարութիւններուն, որ թրքական որեւէ հաստատութիւն կ՚իյնայ իր թիրախի շրջագծին մէջ:
Հետեւաբար, կը թելադրէ բոլոր այն կառավարութիւններուն, որոնց հողերուն վրայ թրքական հաստատութիւններ եւ գործառնութիւններ գոյութիւն ունին, որ վերցնեն     այն պաշտպանութիւնը զոր կ՚ընծայեն անոնց եւ ձգեն որ Թուրքիան ըլլայ անոնց միակ պաշտպանը: Այլապէս, իրենք պիտի ըլլան պատասխանատուները իրենց անձնակազմին պատկանող անմեղ գոհերուն:
Այս վնասը արժանապէս պիտի ըլլայ իրենց բաժինը, որովհետեւ իրենք յամառօրէն կը շարունակեն պաշտպանել հաստատութիւնները, որոնք կը պատկանին ժողովուրդի մը, որ աւելի քան երկու միլիոն հայ ջարդած է եւ պատճառ դարձած՝ որ այսօր շուրջ չորս միլիոն հայեր ցրուին աշխարհի չորս ծագերուն: ժողովուրդ մը, որ հայերէն խլեց իրենց իրաւունքները, հայրենիքը եւ խեղաթիւրեց անոնց պատմութիւնը: ժողովուրդ մը, որ այս դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գործեց եւ դեռ կը շարունակէ նոյնը քիչ մը ամէն տեղ:
Մենք կը զգուշացնենք նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրներու քաղաքացիները, որ խուսափին Թուրքիա երթալէ, եւ խուսափին թրքական ճամբորդական ընկերութիւնները օգտագործելէ, ըլլայ այդ օդի, ցամաքի եւ կամ ծովի ճամբով: Որովհետեւ կրնան մեր ցասումին անմեղ զոհերը դառնալ:
Վաթսուն տարուան մեր գաղթականի տառապակոծ եւ նուաստացուցիչ կեանքի ընթացքին, մենք շարունակեցինք ըլլալ քաղաքակիրթ եւ համբերող, դիմեցինք խաղաղ միջոցներու, յուսալով որ պիտի ստանայինք այն ինչ որ էապէս մերն է: Բայց, դժբախտաբար, ցարդ աշխարհը կը շարունակէ կոյր եւ խուլ ձեւանալ:
Մեր դատը իրաւունքի եւ արդարութեան դատն է: եւ մենք կը յիշեցնենք արար աշխարհին, թէ այժմ ձերն է պատասխանատուութեան ժամը: Որովհետեւ մենք պիտի չմոռնանք մեր հողերն ու ջարդերը:
Պիտի չմոռնանք մեր աւանդութիւններն ու բարքերը, մեր պատմութիւնն ու լեզուն:
Պիտի չմոռնանք անցնող վաթսուն տարիներու պատմութեան դառն դասը. երբ բիրտ ուժն է աշխարհի արդարութեան լեզուն, մենք ունինք այդ ուժը եւ ստիպուած այդ լեզուով է որ պիտի խօսինք աշխարհի քառուղիներուն վրայ:
Մենք՝ անձնուրաց մարտիկներ պիտի մնանք, մինչեւ որ բոլոր հայերը վերստին հանդիպին իրարու՝ ամբողջական Հայաստանի մէջ:
Կեցցէ՛ ամբողջական ազատ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ աշխարհի իրաւազրկուած ժողովուրդներու պայքարը:
Անկցի թրքական բռնատիրութիւնն ու գաղութատիրութիւնը:


24 Փետրուար 1977
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԸՆԴՀ. ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Ծանօթութիւն.- Այս կոչ-ազդարարութիւնը վերջ կը գտնէ 1977-ի Ապրիլ 10-ի կէս գիշերին: Չանսացողները առիթը պիտի չունենան արդարանալու: