ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Էրտողանի իշխանութեան կողմէ 24 Ապրիլը թրքական տօնակատարութեան օր անուանելը հայ ժողովուրդի, համայն քաղաքակիրթ մարդկութեան եւ 1.5 միլիոն զոհուած հայերու յիշատակին նկատմամբ վիրաւորանք եւ մարտահրաւէր է:
Այն պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի օրը՝ 24 Ապրիլ 2015-ին ներկայ ըլլան Էրտողանի ծրագրած տօնախմբութեան, փաստօրէն զօրակցած պիտի ըլլան ցեղասպանին ու քաջալերած՝ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանութիւններ իրականացնելու քաղաքականութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ողջ ազատամիտ հանրութեան և բոլոր ժողովուրդներուն, որ ընդդիմանան Էրտողանի այս սադրանքին:
Էրտողանի տօնախմբութիւնը կայանալու պարագային, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը անմիջապէս պիտի քննարկէ Թուրքիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու ծրագիրը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Ռազմական Խորհուրդ

2 Ապրիլ 2015