Ի ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Միանգամ ընդմիշտ լուսաբանելու համար հայութեան եւ որպէսզի ժամավաճառ չըլլանք այդ կարգի հարցերով, հարկադրանքին տակ կը գտնուինք հրապարակելու շարք մը ամօթալի մեքենայութիւններ, որոնց կը դիմէ վերջերս Հ. Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, կամ գէթ ղեկավարներէն ոմանք։ Պիտի նախընտրէինք լուռ անցնիլ այս բոլորին վրայէն, որովհետեւ մեզ չեն հետաքրքրեր կուսակցութիւններու խաղերն ու յետին հաշիւները, նկատելով մանաւանդ որ նուիրական նպատակի մը կը ծառայենք մենք եւ ժամանակ ու նպատակ չունինք կուսակցութիւններուն յատուկ ներքին պայքարներուն մասնակից դառնալու։ Կուսակցութիւններու ղեկավարութիւնները, դժբախտաբար, փոխանակ գործելու՝ կը շարունակեն խօսիլ եւ մոլորեցնել իրենց շարքայիններն ու համայն հայ ժողովուրդը։ Այս դաւաճանութեան համար անոնցմէ հաշիւ պէտք է պահանջեն իրենց կուսակցական շարքերը նախ եւ առաջ. եւ բնականաբար պատմութիւնն ու հայ ժողովուրդը պիտի դատեն զիրենք օր մը եւ արձակէն իրենց վճիռը անոնց նկատմամբ։ Այս իրենց կը վերաբերի անշուշտ, եւ իրենք պէտք է մտահոգուին։
Դժբախտաբար սակայն իրենց այս մտահոգութիւնը զիրենք սկսած է մղել վատութեան եւ ոտնձգութիւններու։ Ժամանակէ մը ի վեր սկսած են ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով, բայց միշտ լուռ եւ նենգ կերպով, այն կարծիքը տարածել թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է մեր նորագոյն ազատագրական զինեալ պայքարը առաջնորդողը։ Այս գաղտնաբար կր յայտարարեն իրենց շարքերուն եւ կը տարածեն ժողովուրդին մէջ՝ մամուլով եւ այլ միջոցներով։ Մենք կատարուած սուրբ գործին պատիւը չենք պահանջեր, որովհետեւ մեզ արդիւնքը կը հետաքրքրէ եւ ոչ թէ կատարուած գործին վարկը։
Այդ պատիւն ու վարկը համոզումով կը զիջինք իրենց, եթէ միայն չխանգարեն մեր գործը ու դաւեր չնիւթեն նուիրական այս գործը կատարողներուն դէմ։ Իրենց կողմէ պատրաստուած բայց Հայ Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու անունով կոչեր կը հրատարակեն իրենց թերթերուն մէջ, մոռնալով կամ անգիտանալ ուզելով որ ոչ մէկ կապ ունին այս բոլորին հետ, ու մանաւանդ մոռնալով թէ իրենք ֆիզիքապէս չէզոքացուցած են այդ աննման տղոցմէ, հայ ազատագրութեան մարտիկներէն երկուքը։ Կամ թերեւս կը կարծեն թէ տեղեակ չենք մենք, ինչպէս ցարդ տեղեակ չէ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ աննման այդ տղաքը եղած են իրենց շարքերուն մէջ եւ հաւատարիմ մնացած են իրենց ուխտին, մաս կազմելով հանդերձ մեր ազատագրական պայքարին։ Չեն դաւաճանած Հայութեան, իրենց ուխտին եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, այլ ընդհակառակը՝ լծուած են իսկական յեղափոխական պայքարի եւ պատուաբեր գործ կատարած, որուն միշտ փորձած են արգելք հանդիսանալ իրենց կուսակցական ղեկավարները։
Մեզ ցաւ կը պատճաոէ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել այս ամբողջը, որովհետեւ պիտի նախընտրէինք որ հայ ժողովուրդը չիմանար ամօթալի եւ տխուր այս իրականութիւնը, եւ մանաւանդ՝ չիմանային օտարները եւ ասոնց կարգին մեր բոլոր թշնամիները, որոնք պիտի ուրախանան միայն։ Դառն իրականութիւնը այն է սակայն՝ թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայ ղեկավարութիւնը կը հաւատայ կամ սկսած է հաւատալ, թէ կրնայ խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը եւ վարկ շահիլ՝ երկարաձգելու համար իր ազգավնաս գոյութիւնը։
Յուսալով անշուշտ որ կը յոգնինք մենք եւ չենք կրնար շարունակել նուիրական մեր գործը, մանաւանդ եթէ յաջողին մեզմէ ուրիշներ եւս ֆիզիքապէս չէզոքացնել։ Մենք չենք դիմած եւ չենք դիմեր նոյն միջոցներուն, հակառակ անոր որ շատ հեշտ է մեզ համար իրենց ամբողջ ղեկավարութիւնը ոչնչացնել, պարզ այն պատճառով որ մենք զէնք վերցուցած ենք մեր դարաւոր թշնամիէն մեր իրաւունքները խլելու համար եւ ոչ թէ հայու արիւն թափելու։ Կը մերժենք զործել եւ կրկնել իրենց սխալներն ու դաւաճանութիւնը։ Առաքելութեան մը նուիրեալներն ենք մենք եւ չենք կրնար դաւաճանել մեր առաքելութեան եւ նպատակին։ Թող ասիկա յստակ ըլլայ իրենց եւ թող համոզուին մանաւանդ, թէ չեն կրնար իրենց դաւադրութիւններով եւ ոտնձգութիւններով ծունկի բերել մեզ եւ վերջ տալ մեր գոյութեան եւ մեր գործին։ Պիտի չիրականանայ իրենց երազը, որովհետեւ հայութեան կամքով եւ հաւատքով զօրաւր ենք եւ ունինք բոլոր միջոցները մեր պայքարը շարունակելու։
Ոեւէ կուսակցութեան ղեկավարութիւն, կամ ղեկավարներ որ կը պաշտպանէն մեծ պետութիւններու շահերը, մեզ մեղադրելով գործակալութեամբ՝ վրդոված ըլլալով որ սկսած ենք հարուածել նաեւ այս նոյն պետութիւները, որոնց հաւատարիմ ծառաներն են իրենք, կը մատնեն միայն իրենց գործակալութիւնը։ Իրենց վրդովումը հասկնալի է մեզ համար, որովհետեւ երբ մէկ կողմէն կ՚ուզեն ու կը փորձեն տէր կանգնիլ մեր կատարած գործին, միւս կողմէ սակայն սլէտք է հաշիւ ներկայացնեն այն պետութիւներուն, որոնց կամակատար գործակալներն են։ Իսկ այս պետութիւնները, զորս մենք կը դասենք մեր թշնամիներու կարգին, երբեք պիտի չուզեն որ Հայը տիրանայ իր իրաւունքներուն եւ հայրենիքին։ Տխուր է յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ Հ. Յ.Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը հասած է այն վիճակին՝ որ մեծ պետութիւներուն շահերը պաշտպանելը կը նկատէ գերագոյն նպատակ, եւ անոնց ծառայելը՝ հայ ագատագրական պայքար մղելու միակ եղանակը։
Հայութեան իրաւունքն է իմանալ այս իրականութիւնը եւ ըլլալ իրազեկ, որպէսզի կարենայ ինք դատել եւ որոշել իր նախընտրած ուղին։ Մենք ակամայ եւ հարկադրաբար կը կատարենք այս պարտականութիւնը եւ կարձանագրենք իրականութիւնը՝ ի գիտութիւն հայ ժողովուրդին:
Կեցցէ՛ հայ ագատագրական պայքարը։
Կեցցէ՛ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը։

18 Յունուար 1980
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ