Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը գուժէ, իր քաջարի եւ զոհաբերող անդամներէն՝ Վարուժան Կարապետեանի վաղաժամ մահը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Հայաստանի մէջ։
Սասունցի գերդաստանի շառաուիղ Վարուժանի հուզակոյտ եւ փոթորկոտ ներաշխարհը իր բաւարաութիւնը կրնար ստանալ միայն իր եազանքները իրականացնելու ելած իր սիրելի միջավայրէն ներս՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի շարքերուն մէջ, ուր ան կրնար անվերապահորեն ստանձնել ծանր պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ։
Իր ստանձնած պատասխանատուութիւններու իրականացման համար, ի գին կյանքի, Վարուժանը լուռ եւ աներկբայ անգամներ կատարեց առաքելութիւններ, եւ այդ ճամբին տարիներ տառապեց օտարերկրեայ բանտէրէն ներս՝ հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան ամենաերկարամեայ քաղբանտարկեալը։
Հայու անկոտրում ոգու նվիրումն միայն կրնար անոր մղել, աւելի քան 17 երկար տարիներ դիմանալ բանտային անտանելի պայմաններուն, հավատարիմ մնալով իր ժողովրդին, Դատին եւ Կազմակերպութեան, որուն զինւորագրուել էր իր ամբողջ էութեամբ։
Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի հպարտանալ, որ օտարութեան մէջ հասակ առած եւ հայրենի հողը չտեսած հայորդիներ, այսօրինակ ապառաժեայ կամքով բարձր պահած են Հայութեան արժանապատուութիւնը, պաշտպանելով անոր անտեսուած եւ ոտնահարուած իրաւունքներու հետապնդման գաղափարը, այդ գաղափարի իրագործման համար ընտրելով դաժան ուղի, անցնելով հերոսական եւ անհավասար մենամարտերի միջով։
Խոր ցաւով կը գուժենք մեր կազմակերպութեան հաուատաւոր անդամ՝ Վարուժանի մահը, ցավակցելով իր ընտանիքին, հարազատներուն, պայքարի բոլոր ընկերներուն եւ համայն հայութեան:
Հայրենի հողը, թող ըլլայ Վարուժանի, Հ․Ա․Հ․Գ․Բ․-ի եւ բոլոր հայ նահատակներու տառապած մարմիններու ննջավայրը, որու համար անոնք չխնայեցին եւ նուիրեցին իրենց երիտասարդութիւնը, ընտանեկան հարազատ միջավայրը եւ կեանքը։
Իսկ պայքարը շարունակուելու է անխափան մինչև մեր անմահ նահատակներու կտակի իրականացում, մինչև վեջնական յաղթանակ:
Յարգանք Վարուժանի յիշատակին։
Յարգանք մեր բոլոր պայքարողներու նուիրումին եւ անմնացորդ զոհողութեան։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

29 Յունուար 2019