Սիմոն Սիմոնեան (1914-1986) Սփիւռքահայ արձակագիր, հրատարակիչ, դասագիրքերու հեղինակ, խմբագիր, հրապարակախօս, մանկավարժ, պատմաբանասէր, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր: ՀԱՀԳԲ-ի ստեղծումէն անմիջապէս ետք մասնակցած է անոր գաղափարական եւ քաղաքական գծի ամրապնդմանը: >>>

Գուրգէն Եանիկեան իր արարքով դարձաւ  փորձաքար մը մեր ազգային կամքն ու կարողականութիւնը արժեչափելու

Սիմոն Սիմոնեան, «Սփիւռք», 1975, թիւ 2, 21 Յունուար

ԽՄԲԱԳՐԻ ՕՐԱՏԵՏՐԷՆ

Մենք` հայերս, պարտուեցանք Սանթա Պարպարայի դատարանին մէջ: Թուրքը յաղթանակեց, արդէն կը յաղթանակէ 1071   թուականէն ի վեր, երբ խորտակեց Մանազկերտի դռներն ու պարիսպները 900 տարիներ առաջ:

Պարտուեցանք ամբողջական կերպով` բարոյապէս եւ նիւթապէս:

Երջանիկ օրերուն գէթ կը յաղթանակէինք բարոյապէս: Այս անգամ նախ բարոյապէս պարտուեցանք, շատ փոքր ռազմադաշտի մը մէջ, որ Սանթա Պարպարայի դատական սրահն էր:

Բան պիտի չկորսնցնենք. մի° վախնաք, կորսնցնելիք բան չունինք, վաղո¯ւց կորսնցուցած ենք մեր կորսնցնելիքները: Թրքահայաստանը ամբողջութեամբ արդէն կորսնցուցած ենք, վերադիրներով` Կարս ու Արտահան, մե°նք` Թրքահայաստանը բարենորոգելու համար միայն ճամբայ ելլողներս:

Եանիկեան պիտի մնայ բանտը:

Դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան, 78 տարեկանէն ետք: Բարեբախտաբար, պատիժները ի զօրու են ոչ թէ անցած, այլª գալիք տարիներու համար:

Բանտարկութեան տարիներու թիւը պիտի որոշէ Եանիկեանի հոգեկան կորովը: Մաղթենք որ բանտի իր խուցին մէջ երկար ապրի Եանիկեանի հոգեկան կորովը: Մաղթենք, որ բանտի իր խուցին մէջ մէջբերենք ու գոչենք. «Ֆերարա-Սանթա Պարպարա» թէ քար քարի վրայ չմնայ, հայ մարդու մը անունը փառքիդ մեծագոյն տիտղոսը պիտի ըլլայ...:

Եանիկեանի հետ բանտ կը մտնէ, դատապարտուելով իբրեւ առաջին կարգի յանցաւոր, հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքը:

Մենք կողբանք ա°յս «բանտարկեալը» եւ ո°չ 78 տարեկան ծերունի մենամոլը...

Եանիկեանի արարքին առաջին իսկ օրէն թերեւս հայ մամուլին մէջ առաջինը եղանք Եանիկեանի հարցին արձագանգողը` այդ արձագանգին ետին որոնելով «արձագանգողները»...

Ըսինք` չենք հաւատար անհատական ոճին ազգային դատ հետապնդելու մեծ ճանապարհին. Եանիկեան մենամոլի մենամարտը կը մղէր. անցած է Դաւիթ-Գողիաթեան մենամարտով ազգային ճակատագիրը      վճռելու երանելի ժամանակը:

Ըսինք` Եանիկեանի արարքը առիթ պիտի ընծայէ Եանիկեանի անձէն աւելի մեր ազգային բազկերակի քննութեան...

Ուրեմն Գուրգէն Եանիկեան իր արարքով դարձաւ փորձաքար մը մեր ազգային կամքն ու կարողականութիւնը արժեչափելու:

Ահաւասիկ` քննութեան արդիւնքները` պարզ, անվիճելի եւ աղաղակող.

1. Հայկական Դատ կուզենք հետապնդել բանաւոր կերպով, այսինքն` խօսքով, մամուլով, ակումբի բեմէն կամ եկեղեցիի խորանէն, բակէն, ուիսքիի սեղաններէն: Բթացած են արարք գործելու մեր զգայարանքները:

2. Միակամ չենք Հայկական Դատը հետապնդելու: Փա±ստ. Եանիկեանի Պաշտպան Յանձնախումբը, որ կազմուած էր երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, լուծուեցաւ առանց պատճառի, ափսո¯ս, առանց նոյնիսկ տեսակէտի տարբերութեան. այլ պարզապէս մեծ փաստաբան մը (Ֆորմէն) նշանակելու առթիւ: Իր միակ «հրաշագործութիւնը» եղաւ մէկ շաբ թուան մէջ մեր հոյակապ ժողովուրդի նուիրաբերած 40.000 տոլարները... ետ դարձնելը:

3. Մեր ժողովուրդը` «մեծ համրը», ազնիւ է, նուիրաբերող եւ մանաւանդ տրամադիր գործելու եւ տալու յանուն Հայութեան եղած բոլոր գործերուն:

4. Հայ անաղարտ երիտասարդութիւն մը առաջ եկած էª մեր օրերու գերագոյն բարեբախտութիւնը մեր ժողովուրդին, որ դժգոհ է ազգային ծերացած գործելակերպէն եւ նո°ր ուղիներ, նոր ու թարմ ոճ կորոնէ ազգային ծառայութեան իր թափին համար:

Եանիկեանով աւելի խանդավառ է, քան «կարգախօս»ներով:

5. Ամէնէն կարեւոր յայտնութիւնը, այսինքն փորձաքարի քննութեան մեծ արդիւնքը, եղաւ այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` Սփիւռքի թէ Հայաստանի, ջերմ ու խորունկ սէր արտայայտեց Եանիկեանի հանդէպ: Մէկ շաբթուան մէջ եւ միայն մէկ շրջանէն (Գալիֆորնիա) նուիրաբերեց 40.000 տոլար: Հապա եթէ ամբո°ղջ Հայութեան առիթ տրուէր մասնակցելու նուիրաբերութեան, կրնանք վստահեցնել, որ առնուազն 1.000.000 տոլար կարելի պիտի ըլլար գոյացնել, եթէ անոր կարիքը զգացուէր:

Երեւոյթը սքանչելի է եւ այլապէս ուշագրաւ, եթէ ի մտի ունենանք, որ Եանիկեան բացարձակապէս անկուսակցական էր:

6. Եանիկեան մը, ճիշդ է, Թեհլիրեան մը չէր, երկուքը տարբեր ժամանակներու մէջ ապրեցան ու գործեցին, տարբեր էին մա°նաւանդ իրենց զոհերը, բայց կրնայինք Եանիկեանը պաշտպանել Թեհլիրեանի պէս եւ անոր շնորհել Թեհլիրեանի մերձ աթոռ մը, քանի որ Եանիկեանն ալ կը գործէր յանուն Հայութեան եւ յանուն հետապնդման ՄԻԵՒՆՈՅՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ:

7. Մեր կուսակցութիւնները կրաւորական դիրք բռնեցին Եանիկեանի հանդէպ:

Պատճառնե±րը... չենք ուզեր ենթադրական պատասխաններ տալ: Բարեբախտաբարª չդատապարտեցին: Գոհանանք ատով:

Անկուսակցական մը անկէ աւելի բախտաւոր չէր կրնար ըլլալ:

Հայ ժողովրդական երգերով փառաբանուած ազգային մեծ հերոսն իսկ` Զօր. Անդրանիկ, աւելի բախտա ւոր չեղաւ իր անկուսակցական շրջանին: Եւ եթէ միւս կողմը քիչ մը թիկունք կանգնեցաւ անկուսակցականացած Անդրանիկին, այդ իսկ կուսակցական ոճ մըն էր մարդ փառաբանելու` ի վնաս հակառակորդին եւ... ի շահ իր կողմին:

Եանիկեան անհատապէս իր արարքով որեւէ կուսակցութեան պատիւ ու շահ չէր բերեր:

8. Մեր բարեկամն ու աշխատակիցը` Եանիկեանի դատավարութեան մեր աշխատակիցըª Լ. Երկաթ, իր նամակին մէջ ուշագրաւ ակնարկ մը ունի. Եանիկեան պարտուած է գրեթէ մատնութեամբ մը (աւելի ծանր վճիռ ստանալով) իրեն Պաշտպան Յանձնախումբի անդամներէն մէկուն գրած մէկ յօդուածին պատճառով, Սանթա Պարպարայի «Սանթա Պարպարա» թերթին մէջ, բնական է° անգլերէնով: Տեսէք, թէ ի¯նչ կը գրէ Լեւոն Երկաթ. «Դժբախտաբար հայ անունին պատուաբեր չէր այդ դրդապատճառը, որ ձեռք առնուած էր ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ` «Սանթա Պարպարա» թերթին մէջ յօդուածով մը, զոր ԴԱՏԱԽԱԶԸ ԶՕՐԱՒՈՐ ԶԷՆՔ ԴԱՐՁՈՒՑ ԻՐ ՁԵՌՔԸ»:

Բնական էª ընդդէմ Եանիկեանի:

Այստե±ղ պիտի հասնէինք:

Եթէ այս ոճով պաշտպանած ըլլայինք Սողոմոն Թեհլիրեանը կամ Թորլաքեանը, անոնց բաժինը պիտի ըլլար անմիջական գնդակահարութիւն եւ ոչ թէ իրենց 78 տարիներէն ետք... ցկեանս բանտարկութիւն:

Կորսնցուցինք մէկ առիթ մը:

Եանիկեանը մեծ պիտի ըլլար ոչ թէ իր արարքով, 1973 Յունուարի օր մը, այլ` ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ, ամերիկեա°ն դատարանին մէջ:

Եանիկեանի Աւարայրը դատարա°նը պիտի ըլլար:

Հայ ժողովուրդը սակայն մէկ օրէ աւելի չի սիրեր մնալ Աւարայրներու մէջ, 451 թուականէն սկսեալ:

Արդ, ի±նչ պիտի ընենք Եանիկեանի դատապարտութենէն ետք:

Նուէրնե±ր պիտի ղրկենք ծերունազարդ մենամոլին:

Մեր չըրածներո±ւն համար պիտի զղջանք:

«Իմաստութի±ւն» պիտի հաստատենք մեր չկամութեան մէջ:

Բայց, մարգարէութիւն չընենք, յաջորդ Եանիկեանին հանդէպ ի±նչ դիրք պիտի որդեգրենք: Նո±յնը:

Այս անգամ թող որ մարգարէութիւն ըրած ըլլանք որ Եանիկեանը պիտի չունենայ իր յաջորդը:

Հայ ժողովուրդը պարտական կը մնայ հոգեհանգիստ մը Գ. Եանիկեանինª նախագահութեամբ ո°չ Խորէն Կաթողիկոսի եւ ո°չ Վազգէն Կաթողիկոսի, այլª համեստ տէրտէրի մը...

Մաղթենք, որ հոգեհանգիստ մը չընենք... Հայկական Դատին, որ ճակատագրուած է կուսակցական բազուկներով օրօրուելու, մինչեւ որ մտնէ խոր քուն:

Սիմոն Սիմոնեան

«Սփիւռք», 1975, թիւ 2,

21 Յունուար