ՀԵՐՈ՞Ս, ԹԷ՞ ԽԵԼԱԳԱՐ
Ասկէ ճիշդ երկու տարի առաջ` 27 Յունուար 1973-ին, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ ալեւոր հայ մը կէս դարու դառնութիւնը արտայայտեց աշխարհի մը, որ վաղուց մոռցած էր իր ժողովուրդը: Լրագրական գործակալութիւններ անմիջապէս հաղորդեցին լուրը, միջազգային մամուլը արձագանգեց, մինչդեռ հայութիւնը զարմացաւ: Եղեռնէն յիսունութ տարի ետք` տարօրինակ, ապշեցուցիչ դառնութիւն էր ասիկա: Տարօրինակ էր մանաւանդ զայն արտայայտելու եղանակը: Լսուա՞ծ բան էր: Ըլլալի՞ք բան էր:
Այս ի՞նչ դառնութիւն էր, ի՞նչ խենթութիւն: Այո, հայութիւնը` իր բազմահարիւր դպրոցներով եւ եկեղեցիներով, երեք կամ չորս կուսակցութիւններով, բազմաթիւ կազմակերպութիւններով, հարստութեամբ եւ կենսունակութեամբ՝ զարմացաւ:
Ի՞նչ կ’ուզէր այս մարդը իրենցմէ: Ինչո՞ւ կը խանգարէր իրենց հանգիստն ու կազմակերպուած կեանքը: Ո՞վ էր: Ո՞վ արտօնութիւն տուած էր իրեն բողոքելու: Եւ այդ ալ` այս կերպով: Բողոքելու ի՞նչ ձեւ էր:
Ըլլալի՞ք բան էր: Լսուա՞ծ բան էր: Եւ` խելագար կոչեցին զինք: Անհաւասարակշիռ: Անպատասխանատու: Թերեւս խելագարած էր մարդը, այո՛: Բայց անպատասխանատո՞ւ: Երբե°ք: Եւ ինչպէ՞ս կարելի էր չխելագարիլ:
Յիսունութ տարի դիզեցնել այդ ցաւը, տառապանքը եւ ականատես ըլլալ աշխարհին եւ իր իսկ ժողովուրդին անտարբերութեան:
Ինչպէ՜ս չխելագարիլ:
Բայց իրեն սերնդակից հայեր ճանչցած ենք մենք, որոնք չեն կրցած ժպտիլ Եղեռնէն ետք: Չե°ն ժպտած: Ինչո՞ւ կը զարմանանք ուրեմն: Ինչո՞ւ կը մեղադրենք: Եւ մանաւանդ` ինչո՞ւ չենք փորձեր հասկնալ այս մարդիկը, զգալ անոնց հետ, մտնել անոնց աշխարհէն ներս եւ ապրիլ իրենց սարսափը: Մերը չեղա°ւ անոնց ցաւը:
Հեգնեցինք նոյնիսկ: Ծիծաղեցանք: Մենք մեր հայրերը չէինք վերջապէս: Կոտորածի եւ տարագրութեան գեհենէն անցնողները մենք չէինք: Ականատես չէինք եղած մեր մայրերուն, քոյրերուն ու սիրելիներուն սպանութեան: Բայց այս մարդոց մայրերն ու քոյրերը, եղբայրներն ու սիրելիները ջարդած էին օր մը, տեղ մը, զարմանալի աշխարհի մը մէջ: Զարմանալի աշխարհ, զարմանալի՜ աշխարհ, ուր ինչե՜ր կը պատահին: Բայց մարդ ենք վերջապէս: Ու որպէս մարդ` ի՞նչ պիտի զգայինք մենք այսօր, եթէ նուազագոյն չարիքն իսկ հասնէր մեր սիրելիներուն կամ զաւակներուն:
Ի՞նչ պիտի զգային մեր բոլոր այն ղեկավարները, որոնք, բազկաթոռներու մէջ ընկողմանած, ժողովուրդ եւ պատմութիւն կը դատեն կամ կ’առաջնորդեն: Եթէ միայն ենթադրելու համար պահ մը միայն, իրենց զաւակներուն պատահէր նոյնը:
Երկու տարի առաջ էր: Եւ մարդը` Գուրգէն Եանիկեան, որպէս հասարակ ոճրագործ դատուելէ ետք, բանտին մէջ իսկ կը շարունակէ իր պայքարը այսօր: Չէ յուսահատած: Չէ պարտուած` հակառակ իր իսկ ազգակիցներու ուրացումին: Եւ իսկապէս` զարմանալի, զարմանալի՜ աշխարհ:
Երկու թիւրք սպաննելուն համար կը բանտարկեն զինք, կը դատեն ու կը մեղադրեն: Ու բնականաբար, Եանիկեան, իր կարգին, բնաւ պիտի չկարենար ըմբռնել այս զարմանալի վախճանը: Զարմանալի՝ նախ որովհետեւ թիւրք ցեղը անպարտ արձակուած է մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդելէ ետք, իսկ ինք դատապարտուած` միայն երկու թիւրք սպաննելուն համար: Ու շատ աւելի զարմանալի, որովհետեւ հայը նույնպէս -- կամ կարգ մը հայեր-- կը դատապարտէ զինք:
Բանտարկեալ մըն է ան այսօր: Առանձին: Լքուած: Անտեսուած: Ուրացուած:
Ինչո՞ւ: Բայց ինչո՞ւ: Որո՞ւ համար ան գործեց այս արարքը: Ու եթէ նոյնիսկ խելագար մըն էր այս մարդը կամ խելագարած էր այդ միջոցին` ո՞վ է յանցաւոր: Ո՞վ է պատասխանատու: Ո՞վ հասցուց զինք այդ վիճակին, եթէ ոչ իր ժողովուրդը, որու համար գործեց միայն: Այո, գործեց անհատապէս, առանձին, որպէս լոկ հայ անհատ: Ու կրնանք մենք եւս չբաժնել իր տեսակէտը, բայց ի°ր տեսակէտն է: Իւրաքանչիւր անհատ սեփական համոզում ունենալու իրաւունք ունի:
Ինչո՞ւ մեզի արտօնուած է տեսակէտ ունենալ, իսկ իրեն` ոչ: Մենք մեր համոզումներուն հաւատարիմ սպասարկուները չե՞նք մնար: Ո՞ր մարդը կամ ո՞ր հայը այս պարագային իրեն յատուկ մտածողութիւն չունի: Մանաւանդ շրջանի մը, երբ անիշխանութիւնը սկզբունքի վերածուած է համայն աշխարհի մէջ:
Աշխարհը իր մեծ ու փոքր պետութիւններով դաւած է ու կը շարունակէ դաւել մեզի դէմ: Բայց մե°նք եւս:
Ո՞վ է Եանիկեան վերջապէս: Իր անձը չէ, որ կը հետաքրքրէ մեզ: Ան անձ մը չէ մեզի համար, այլ` գաղափարի մը խորհրդանիշը, որ պարագայական կերպով կ’առնչուի իրեն` պարզ այն պատճառով, որ ինք գործած է այս արարքը: Կրնար ուրիշ մը ըլլալ: Նոյնը պիտի ըլլար պարագան: Եւ հետեւաբար, երբ կ’ուրանանք զինք ու կը հակադրուինք իրեն, իրականութեան մէջ ուրացած կ’ըլլանք հարցին էութիւնը ու կը հակադրուինք մենք մեզի: Այսինքն` կը դաւենք հայութեան դէմ: Որովհետեւ հոն` հեռաւոր Ամերիկայի աննշան եւ մեզի անծանօթ բանտերէն մէկուն մէջ բանտարկուած հայը Գուրգէն Եանիկեանը ըլլալով հանդերձ, մենք կամակատար կերպով բանտարկած ենք նաեւ մեր բոլոր տենչերն ու իտէալները: Նոյն բանտին մէջ: Անկախ իրմէ եւ իր գոյութենէն:
Իսկական բանտարկեալը հայն է՝ իր բոլոր երազներով: Բանտարկած ենք մեր բողոքելու եւ ըմբոստանալու իրաւունքը, բանտարկած ենք մարդ ըլլալու, մարդոց մէջ հաւասար մարդ ըլլալու մեր իրաւունքը: Բայց չենք խղճահարիր: Չենք ամչնար: Մեր խիղճը չի տանջեր մեզ: Անքուն գիշերներ չենք անցըներ: Ընդհակառակը` աւելի եւս կը մխրճուինք քունի մէջ, որպէսզի թաղենք, մոռնա°նք մեզի ուղղուած անարգանքը, զոր ընդունած ենք առանց առարկութեան: Իւրացուցած ենք զայն: Մեղսակից ենք, ընդունի°նք: Եանիկեանը չէ, որ կ’ուրանանք, այլ՝ մենք զմեզ: Մեր իրաւունքները: Երկիրը, անցեալը, պատմութիւնը: Ապագան: Եանիկեանը մարդ մըն է ի վերջոյ պարզ, պատահական, թերեւս խելագար կամ խելագարած հայ մը: Եւ որպէս այդպիսին` ոչինչ կը ներկայացնէ: Ինչպէս ոչինչ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր հայ անհատ: Բայց հայութի՞ւնը: Եթէ կրնաք, մի° խելագարիք:
Գէորգ Աճեմեան
«Սփիւռք» շաբաթաթերթ,
Պէյրութ, ԺԷ. տարի, թիւ 3, 26 յունուար 1975