ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄ

Գալուստեան Արքեպիսկոպոս, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքը, քանի մը շաբաթներ առաջ, դիմում կատարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պիւլէնթ էճէվիտին մօտ՝ հանդիպումի մը ատեն։ Այդ դիմումին նպատակն է շփոթութիւն ու կասկած յարուցանել Հայ Յեղափոխական ուժերու պայքարի մասին եւ դատապարտել մեր կազմակերպութիւնը:
Գալուստեան պատրիարքը փորձեր է մեր պայքարը ներկայացնել որպէս ոճիր, միեւնոյն ատեն, թելադրելով մոռնալ պատահած դէպքերու ձգած տպաւորութիւնը եւ գոցել պատմութեան ձգած սեւ էջերը եւ յայտնած թէ ներողամտութիւնով հարցը պիտի փակուի։
Հայկական Գաղտնի Բանակը՝ պատրիարքի այդ յայտարարութիւնը կը նկատէ ե՛ւ վտանգաւոր ե՛ւ ամօթալի մի արարք. որովհետեւ, այդ եղելութեան նպատակն է շփոթութիւն ստեղծել հայ զանգուածներու մէջ՝ խեղաթիւրելով ճշմարտութիւնը։ Այդ պարագան կը հարկադրէ զմեզ պատասխանել իրեն եւ երեւան հանել անոր դիմումին հետ առնչութիւն ունեցող բուն իրողութիւնը։
Ապրիլ 24-ը մեր նահատակներուն ընծայուած լացի օրը չէ, այլ մեր ժողովրդի իրաւունքը հաստատելու իսկական պատճառը, դնելով մարդկութեան առջեւ հայկական կոտորածը, որ տեղի ունեցաւ ազգայնամոլ թուրքերուն կողմէ։
Հայկական դատը իսկ ու իսկ հետեւանքն է այդ ազգայնամոլ արարքին ու նպատակ չունի ատելութիւն յաոաջացնել երկու ագգերու միջեւ, որովհետեւ մենք մեր տրամադրութեան տակ ունինք ապացոյց, որ մեր ժողովուրդը, նոյնիսկ հիմա, ենթակայ է նոյն հին ճնշումին։
ճի՛շտ է աւելի քան վաթսուն տարիներ անցած են հայկական կոտորածներու թուականէն ու շատ ինչ փոխուեր է արդէն։ Բայց բացայայտ է, թէ թուրք պաշտօնէութեան վերաբերումը հայերու հանդէպ, բնաւ ալ չէ փոխուեր. Հայկական դատը կը մնայ տակաւին չլուծուած, ու Հայերը կը մնան տարտղնուած աշխարհի ամէն մէկ մասին մէջ, զրկուած իրենց ազգային իրաւունքէն ու իրենց հողի վրայ ապրելու իրաւունքէն։
Մոռնալով կոտորածները եւ գոցելով էջերը այդ սեւ շրջանին, ո՛չ ոքի օգուտ կը բերէ։ Ընդհակառակն, պիտի քաջալերէ զանոնք նոյնը կրկնելու, նոր կոտորածներու ծնունդ տալով՝ առաջին պատեհութիւնը ներկայանալուն պէս։
Անոնք կը հաւատան ներողամտութեան ու կը քարոզեն զայն, պէ՛տք է դիմեն թէ՛ ճնշողին եւ թէ՛ ճնշուածին՝ արդարութիւնը մշակելու եւ վերջ տալու տեւական այդ ճնշումին։
Զինու զօրութեամբ թրքական բռնութեան դէմ մղուած հայ յեղափոխական պայքարը, չէ՛ եւ չի՛ կրնար ամօթալի եւ ոճրային արարք մը նկատուիլ, այլ իրաւունքը ժողովուրդի մը՝ կռուելու ոճրագործներուն դէմ իր հողային իրաւունքին համար։ Ընդհակաոակն, ոճրայի՛ն է մոռնալ սեփական իրաւունքն ու հողը իր, մոռնալ հողը իր՝ ճնշողը արդարացնելով, սեփական ճնշողը։
Պատրիարքը, ուրանալով Հայ Յեղափոխական ուժերու գոյութիւնը, ընդ որս նաեւ՝ Հայկական Գաղտնի Բանակը, որ նուիրուած է Հայաստանի ազատագրական գործին, պարզապէս կ՚ուրանայ գոյութիւնը հայ
ժողովուրդին։ Մանաւանդ երբ ժողովուրդ մը զուրկ է ուժէ եւ սեփական կամքէ ու չի կրնար պաշտպանել իրաւունքը իր։ Նման ժողովուրդ մը չի՛ կրնար ըսել թէ ինքը կայ, կ՚ապրի։
Թրքական կառավարական կազմին դէմ կատարած հայ ուժերու գործունէութեանց վրայ արագ ակնարկ մը նետելով, սկսեալ թրքական օդանաւի մը փճացումով, ինչ հայ պատրիարքը կը վերագրէ մեքենական խանգարումի մը, Գուրգէն Եանիկեանի հերոսական միջամտութեամբ մինչեւ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցածը, որ տեղի ունեցաւ վարչապետ էճէվիտի եւ Քարամանլիսի միջեւ, հակառակը կ՚ապացուցանէ։
Պարտք կը զգանք պատրիարքի ուշադրութեան յանձնել այս իրողութիւնը, թէ նման յայտարարութիւնները աւելի՛ կը ծառայեն ոճրագործին, թրքական պետութեան եւ անոր մեքենականութիւներուն։ Անոր այդ դիմումները ու յայտարարութիւնները կը վնասեն իր ժողովուրդին եւ անոր դատին։
Այս իսկ պատճառաւ, նա չի՛ կրնար հայ ժողովուրդը ներկայացնել ու խօսիլ ի նպաստ անոր դիրքն անուղի՛ղ է ու կը նպաստէ թրքական կառավարութեան։
Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխութիւնը։


Հոկտեմբեր 1978
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ