Հ. Ա. Հ. Գ. Բ.-Ի ԽՕՍՔԸ ՊՕՂՈՍ Զ. ՊԱՊԻՆ

 

Ընդունուած երեւոյթ է, որ Հոոմի եկեղեցւոյ պետը պէտք է ըլլայ սուրբ մարդ եւ իսկական քրիստոնեայ մը, որ կը հաւատայ մարդ արարածի վսեմութեան: Աո այդ ան ունի ամէն իրաւունք դատապարտելու համար ոեւէ տեսակի ոճիր, անկախ անկէ, թէ ո՞վ է զոհը:

Հետեւաբար Պօղոս Զ.-ի պարտականութիւնն էր դատապարտել Թահա Քարիմի մահափորձը: Նոյնպէս սպասելի էր, որ Պապը արտայայտէ իր ցաւակցութիւնները թուրք կառավարութեան եւ սպաննուած դիւանագէտի ընտանիքին: Դժբախտաբար Պօղոս Զ. Պապը շատ աւելի առաջ գացած է իր այդ արտայայտութեանց մէջ: Կիրակի, Յունիս 12-ին, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, իր պատգամին մէջ' զուտ քաղաքական արարք մը ներկայացուցած է, որպէս սովորական ոճրագործներու ձեռքով կատարուած քստմնելի ոճիր մը. այսպէս ըսելով, ան դիտաւորեալ կերպով վարագոյր քաշած կըլլայ հարցի էութեան եւ սպանութեան ետեւ գոյութիւն ունեցող իրական դրդապատճաոներուն առջեւ:

Պօղոս Զ., ըլլալով բարձրագոյն ուսում ստացած եւ աստուածաբանական գիտութիւններու ու հին թէ, նոր պատմութեան լաւածանօթ դէմք մը, պէտք է լաւ գիտցած ըլլայ, եւ գիտէ' Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի նահատակութեան մանրամասնութիւնները: Դժբախտաբար սակայն, ան որոշած է լռութեան պատ մը քաշել այդ բոլորին առջեւ:

Ւ՞նչ պէտք է մտածէ քաղաքակիրթ աշխարհը Պապի վերոյիշեալ դիրքի մասին:

Ւնչպէ՞ս կրնանք մենք դատել Պօղոս Զ. Պապը:

Արդեօք մէկուկէս միլիոն հայ անմեղ նահատակները մարդկային արարածներ չէի՞ն, անոնց կեանքը նոյնպէս թանկագին չէ՞ր, միթէ քրիստոս չէ՞ քարոգած մարդկային կեանքի անձեոնմխելիութեան մասին:

Արդեօք հայերը եւս պէտք չէ՞ ունենան միեւնոյն մարդկային իրաւունքները, պէտք չէ՞ ունենան իրաւունքը ապրելու, իրաւունքը՝ ունենալու հայրենիք, իրաւունքը' որոշելու իրենց սեփական ճակատագիրը:

Արդեօք այս բոլորը քրիստոսի իսկ քարոգած գաղափարները չե՞ն:

Սոյն հաղորդագրութեամբ կ՛ուզենք յայտնել Պօղոս Զ. Պապին (եթէ արդէն իսկ չի գիտեր) եւ աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն, որ իրենց իսկ բարոյական աջակցութեամբ եւ քար լոութեամբ է, որ մէկ կողմէ քաջալերած կ՚ըլլան բոլոր տեսակի ոճրագործները եւ դատապարտած կըլլան ագատագրական արդար պայքարները:

Ւրենց այս միեւնոյն կեցուածքին պատճաոով է, որ անոնք իրաւազրկուած ժողովուրդները մղած կ՚ըլլան դիմելու զէնքի, պաշտպանելու համար իրենց եւ իրենց երկիրներու արդար իրաւունքը:

Անոնք պէտք է լա՛ւ գիտակցին, որ եթէ պաշտպանած ըլլային ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը, ճանչցած ըլլային անոր դատի արդարութիւնը, այսօր հազարաւոր հայեր ամբողջ աշխարհի տարածքին բնաւ ստիպուած պիտի չըլլային դիմելու զէնքի եւ պատժելու չարին ու պաշտպանելու արդարութիւնը' իրենց հասկցած ձեւով:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը քանի անգամներ հաղորդած է, թէ ան նպատակադրած է պայքարիլ թրքական տիրող շրջանակներու դէմ եւ միեւնոյն ժամանակ հարուածել այն բոլոր ուժերը, որոնք կը պաշտպանեն կամ կը քաջալերեն թուրք պետութիւնը' բոնագրաւումի տակ պահելու հայկական հողերը:

Թահա Քարիմը ներկայացուցիչն էր միեւնոյն թուրք պետութեան եւ որպէս այդ' անդամն էր Թուրքիոյ տիրող շրջանակին, որ կը շարունակէ ցեղասպանութիւնը' մերժելով հայ ժողովուրդին իր սեփական հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը, պարտադրելով անոր մնալու մշտական աքսորի եւ դժբախտութեան մէջ, հեռու հայրենիքէն:

Թահա Քարիմը այն անձերէն էր, որ ոչ միայն չէր ընդուներ Թուրքիոյ յանցապարտութիւնը հայկական ցեղասպանութեան մէջ, այլեւ բազմիցս յայտարարած էր ճիշդ հակառակը:

Այս բոլորէն ետք, Պօղոս Զ. Պապը Թահա Քարիմը կը կոչէ «խաղաղութեան առաքեալ»: Եթէ այսպէս են խաղաղութեան առաքեալները, եթէ այսպէս են այդ առաքեալներու պաշտպան հրեշտակները, մենք ուրիշ ճար չունինք, եթէ ոչ պայքարիլ նման առաքեալներու եւ նման հրեշտակներու դէմ, որոնք իրականութեան մէջ պաշտպաններն են բոնատիրութեան ու շահագործման:

Մարդ արարածի սրբազան պարտականութիւնն է, պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար: Եւ մենք պատրաստ ենք ու որոշած ենք ճիշդ այդ ընել մինչեւ վերջ:

Եթէ արդարութիւն վերահաստատելու միակ ճամբան է այդ, մենք պիտի հետեւինք այդ ճամբուն, մինչեւ յաղթանակ:

Կեցցէ՛ Հայկական Յեղափոխութիւնը:

Կեցցէ' բոլոր ճնշուած ժողովուրդներու յեղափոխութիւնը:

 

Յունիս 1977

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ