ԲՈՂՈՔ

Մոսկուայի մէջ 30 Յունուար 1979-ին, երեք անմեղ հայ երիտասարդներու դէմ գործադրուած մահուան վճիռը, ոչ միայն մարդկային իրաւանց, այլ նաեւ ազգային իրաւանց բռնաբարում կր նկատենք։
Արդարեւ յստակ է եւ որոշ, թէ Ստեփան Զատիկեան եւ իր ընկերները՝ յերիւրածոյ յանցանքներով մեղադրուել ու գաղտնօրէն դատուած են փակ դռներու ետին եւ մահուան դատապարտուած, առանց արդար եւ հրապարակային դատավարութեան մը արժանանալու։
Երեք երիտասարդները՝ գնդակահարութեան ջոկատի մը առջեւ հանուեցան եւ ենթարկուեցան պաղարիւն սպանութեան, որովհետեւ արդար ընդվզումի ձայնը կը ներկայացնէին Սովետական Հայաստանի մէջ։ Անոնք ոճրագործներ չէին, եւ ոչ մէկ առիթով պետութեան դէմ արարքներ գործած էին։
Կրնանք եզրակացնել միայն, թէ անոնք գնդակահարուեցան, որովհետեւ իրենց ձայնը բարձրացուցին, արտայայտելու հայ ժողովուրդի կամքը, որ հողային անարդարութեան դարմանում կը պահանջէ Սովետական սահմաններէն ներս, մասնաւորաբար անդրադառնալով հայկական հողամասերուն, որ կը մնան Սովետսւկան Հայաստանի սահմաններէն դուրս։
Այս, բնականաբար, չի կրնար աշխարհի յեղափոխական ուժերու ուշադրութենէն վրիպիլ, եւ վստահ ենք թէ կը դատապարտուի բոլորին կողմէ։

Փետրուար 1979
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ