Մեկնելով մեր սթրաթեժիք նպատակներէն՝ ազատագրելու համար հայկական ամբողջական հողերը, որոնք կը գտնուին թրքական ֆաշիստ >>>

Մեկնելով մեր սթրաթեժիք նպատակներէն՝ ազատագրելու համար հայկական ամբողջական հողերը, որոնք կը գտնուին թրքական ֆաշիստ իշխանութեան ներքեւ - այն իշխանութիւնը որ շունի հաւատարմութեաբ կը ծառայէ իմբերիալիզմին, եւ որ հայ ժողովուրդը տեղահան ընելէ եւ ջարդելէ ետք, մեր հողերը գրաւած՝ կը շարունակէ նոյն բռնութեան եւ հալածանքի քաղաքականութիւնը կիրարկել գրաւեալ հողերու վրայ տակաւին ապրող Հայոց նկատմամբ, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու, որոնց հողերն ու իրաւունքները բռնագրաւած է նոյնպէս Նահատակ Պուլտուկեանի խումբը, որ կը գործէ Հայաստանի Ազատագրութեան կազմակերպութեան անունով, եւ որ մեկն է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի հարուածող ուժերէն, 22 Հոկտեմբեր 1975-ին իրագործեց Վիեննայի թուրք դեսպանի Տանիս Թունալիկիլ ահաբեկումը։

Իսկ ԳՈԻՐԳԷՆ ԵԱՆԻԳԵԱՆԻ անուան քոմանտոսը ահաբեկեց Փարիզի թրքական դեսպանը՝ Իսմսւյիլ էրէզը 24 Հոկտեմբեր 1975-ին։

Այս առիթով՝ Հոկտեմբերի 22-ին երեկոյեան ճիշտ ժամը 8-ին ֆրանսական Լրագրական Գործակալութեան հեռաձայնելով հաղորդած էինք որ մեզմէ հաղորդագրութիւն մը սպասեն յաջորդ 48 ժամերու ընթացքին։

Այս երկու գործողութիւնները շարունակութիւնն են. 1.-Աշխարհի եկեղեցիներու Միութեան -ԱՆՉԱ- ռմբակոծումին 20 Յունուար 1975-ին, Պէյրութի մէջ, 2.– ռմբակոծումը թրքական օդանաւային ընկերութեան 20 Փետրուար 1975-ին, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ գաղտնի գործողութիւններու որոնցմէ մաս մը ծանուցուած են արդէն ժամանակին, եւ մնացածը պիտի ծանուցուին յարմար առիթով։

Այս գործողութիւնները կը հաստատեն մեր կամքն ու վճռակամութիւնը՝ շարունակելու մեր զինեալ պայքարը եւ յեղափոխական գործունէութիւնը թրքական իշխող շրջանակներու ֆաշիստական վայրագ բռնութեան դէմ՝ մինչեւ ազատագրումը հայկական ամբողջական հայրենիքին։

Եւ հակառակ իրողութիւնը ծածկելու եւ խեղաթիւրելու թրքական ճիգերուն –որոնց միակ նպատակն է թուրք հայկական խնդրի մը գոյութիւնը անտեսել եւ ուրանալ –եւ այս գործողութիւնները այլ կազմակերպութիւններու վերագրելու փորձին, ինչպէս յոյն կիպրական խումբերու, որպէսզի աշխարհի ուշադրութիւնը վրիպեցնեն Հայկական Դատէ եւ զայն վերածեն միանգամընդմիշտ փակուած էջի մը, հայկական ժողովրդական մասսաները սակայն՝ գիտակից եւ ծանօթ ըլլալով անոնց հետապնդած նպատակին, բուն իրականութիւնը պիտի հաստատեն եւ վերահաստատեն աշխարհին։ Այս պիտի կատարուի Հ.Ա.Հ.Գ. Բանակի վստահուած առաքելութեամբ, նկատելով որ ան կը ներկայացնէ անոնց անբեկանելի եւ ենթակայ կամքը։

Մենք կը յարգենք եւ պաշտպան կը կանգնինք յոյն կիպրացի ժողովուրդի զոհողութիւններուն եւ արդար դատին, ինչպէս նաեւ միւս ըոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներուն։ Բայց այս առիթով կուզենք հաստատել, թէ մեր ժողովուրդը իր բոլոր միջոցներով պիտի սաստկացնէ իր պայքարը թուրք զինուորական եւ իշխող տարրերուն դէմ, այնքան ատեն որ անոնք կը յամառին թաղել իրականութիւնը եւ բռնանալ ժողովուրդներու վրայ։

Մեր նահատակներուն անունով կ՚ուխտենք շարունակել մեր ժողովրդական զինեալ պայքարը, մինչեւ հայ ժողովուրդի իտէալներուն իրականացումը -վերադառնալով մեր հայրերու հայրենիքը եւ իրագործելով ինքնիշխան եւ ազատ ժողովուրդ մը ըլլալու իրաւունքը։ Պիտի շարունակենք մեր թշնամիները հալածել աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ առ ի պատասխան իրենց մեր ժողովուրդը աշխարհի ճահիճին մէջ խեղդելու փորձերուն։

24 Հոկտեմբեր 1975

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ