Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը գոյութեան կոչուեցավ հայկական ցեղասպանութենէն ճիշտ 60 տարի ետք, երբ այլեւս աշխարհասփիւռ հայ զանգուածները համոզուած էին, որ իրենց փրկութիւնը կախեալ էր իրենցմէ, եւ ոչ թե քաղաքակրթուած աշխարհի բարի կամեցութենէն: Թէ՜ Հայութեան եւ թէ՜ Հայաստանի ազատագրումը կրնար իրականանալ միայն հայ ժողովուրդի գիտակից եւ նպատակասլաց խոյանքով: Պայքարելու եւ ազատագրական պատերազմ մղելու վճռական պատրաստակամութեամբ: >>>

Ջարդը կը շարունակուէր տակավին, հակառակ անոր, որ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմները վաղուց յանգած էին արդէն: Ազգերու Լիկայի անփառունակ վախճանէն ետք, Երկրորդ Աշխարհամարտի ավարտին, անոր կը յաջորդէր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, որը բարօրութիւն, արդարութիւն եւ մարդկային հավասար իրավունքներ կը խոստանար բոլոր ժողովուրդներուն՝ առանց բացառութեան կամ խտրականութեան: Այս յուսատու մթնոլորտին մէջ հայութիւնը եւս, թօթափած վրայէն թրքական բարբարոսութեան սարսափը, բայց կոտորակուած ու տարագիր, կ՛ողողուէր նոր յոյսերով եւ արդարութիւն կ՛ակնկալէր մարդկային իրավունքներու պաշտպանութիւն խոստացող այս նոր աշխարհէն: Ու համբերութեամբ կը սպասէր, մինչ հայկական ցեղասպանութեան ծրագիրը կը մտնէր նոր փուլի մէջ: Անոր գործադրութիւնը կը շարունակուէր նոր կերպերով: Իր երկրէն արտաքսուած հայը գաղթական չէր այլեւս, այլ դատապարտուած էր աշխարհաքաղաքացիութեան, եւ հուսկ ուրեմն՝ վերջնական բնաջնջումի: Նոր հիմերու վրայ վերահաստատուած, աշխարհագրական նոր բաժանումներու ենթարկուած այս նոր աշխարհի ինքնակոչ տէրերը այսպես կը տնօրինէին: Հայաստան անունով երկիր չէին ուզէր, որ գոյութիւն ունենար այլեւս իրենց համար, ընդունած, վաւերացուցած եւ օրինականացուցած ըլլալով անոր գլխավոր բաժնի բռնագրավումը թուրք պետութեան կողմէ: Բնականաբար, եւ նոյն տրամաբանութեամբ Հայութիւնը եւս պետք է գոյութիւն ունենալէ դադրէր ուրեմն:
Այս տրամաբանութեամբ, հակառակ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ուխտին եւ մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ իր որոշումներուն, բռնի տեղահանութիւնը, ծրագրուած սպանդը, կանխամտածուած ցեղասպանութիւնն ու անիրաւուած ժողովուրդի մը չորս հազարամեայ հայրենիքին բռնագրաւումը կ՛արժանանային միջազգային ճանաչումի եւ կը ստանային օրինական հանգամանք: Նորագոյն արդարադատութեան հասկացողութիւնն էր այս, եւ կ՛ակնկալուէր, որ հայութիւնը ընդունէր այս իրադրութիւնը եւ կամակատար կերպով ենթարկուէր իրավազրկումի եւ բռնութեան:
Նոր աշխարհի քաղաքական եւ տնտեսական շահերը այսպես կը պահանջէին, եւ հետեւաբար ժողովուրդ մը ամբողջ, իր չորս հազար տարուան պատմութեամբ եւ մշակոյթով կը դատապարտուէր ի սպառ ոչնչացման, եւ անոր կը զլացուէր այլ ժողովուրդներու կողքին ապրելու իրավունք ունենալ: Մեծ պետութիւնները, իրենց գոյութիւնը գերադաս համարելով, իրենք իրենց համար ապահով պայմաններ ստեղծած էին ու յստակ եւ անբռնաբարելի սահմաններ գծած՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Այնքան ատեն, որ իրենց գոյութիւնն ու երկիրներու սահմանները ապահովուած էին, կրնային այլ ժողովուրդներու իրավունքները անտեսել, եւ նույնիսկ բռնաբարել: Այս էր նորագույն արդարութիւնը, որը նպատակահարմար կը սեպէր ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արեւելեան Հայաստանի մեկ բաժինը ընծայաբերել թուրք ցեղասպան պետութեան՝ առ ի օրինականացում անոր ծավալապաշտական եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան:
Քսաներորդ դարու եօթանասունական թուականներուն այս էր պատկերը - պարտադրուած լուծումը - որ բնականաբար ընդունելի չէր կրնար ըլլալ հայութեան համար: Տարագիր եւ խոշտանգուած հայ զանգվածներէն ետք յաջորդական երկու սերունդ, իրենց նախահայրերին յատուկ ավանդական համբերութեամբ եւ միամտաբար, սպասած էին ազգերու մեծ ընտանիքի արդար դատաստանին եւ արժանացած էին միայն ծաղրի եւ անարգանքի: Ասոնց զավակները սակայն, իրենց հայրերու փորձառութեամբ եւ յուսախաբութիւններով իմաստնացած, կը մերժէին աւելի սպասել՝ համոզուած ըլլալով որ իրենք միայն իրաւունք ունին իրենց ճակատագիրը որոշելու: Այսինքն՝ փոխելու զայն: Արդարութիւնը վերահաստատելու: Ազատագրելով վերատիրանալու իրենց բռնագրաւուած հայրենիքին:
Այս եզրակացութեանը յանգելէ ետք հայ նորահաս սերունդը, իր կատարածին ամբողջական գիտակցութեամբը եւ վճռականօրէն, կը դիմէր ազատագրական զինեալ պայքարի: Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը արտերկրի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ միաժամանակ եւ առանց նախապես մշակուած ծրագրի մը, կ՛ըմբոստանար յանկարծ եւ միասնական կերպով իր մասնակցութիւնը կը բերէր այլեւս անյետաձգելի եւ նուիրական այս գործին: Հայաստանէն սփիւռք, Միջին Արեւելքէն մինչև Եվրոպա եւ հեռավոր Ամերիկաները հայ երիտասարդները նոյն կերպ կը մտածէին ու նոյն հաւատքով տոգորուած, ինքնաբերաբար կը միանային՝ ծառայելու նոյն եւ միակ նպատակին - Արեւմտեան Հայաստանի եւ բռնագրաւուած հայկական բոլոր հողամասերու ազատագրութեան պայքարին: Ու կը լծուէին գործի՝ վստահելով իրենք իրենց, եւ առաւելաբար իրենց անխախտ հավատքին՝ նախընտրելով բացարձակ անկախութիւնը:
Այս վճռական համոզումներով տոգորուած և անտեղիտալի պայքարի փորձով կռանուած՝ կը հաստատենք ու կ՛առաջադրենք.

1- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը ծնունդն է հայ նորագույն սերունդին եւ իր մեջ կը մարմնացնէ համայն Հայութեան դարավոր ձգտումներն ու իր ճակատագրին եւ երկրին տեր ըլլալու անտեղիտալի կամքը:
Այս գիտակցութեամբ, ան ինքզինք համարատու կը նկատէ հայ ժողովուրդին եւ կը ծառայէ միայն անոր գերագոյն շահերուն, եւ ուրիշ ոչ մեկ կողմի կամ հատուածի, ինչպես նաեւ՝ ոչ մեկ ուժի կամ պետութեան: Հայ ժողովուրդի հավաքական կամքէն ավելի բարձր ոչ մեկ ուժ կամ հեղինակութիւն կը ճանչնայ, կամ կ՛ընդունի, եւ կ՛ենթարկուի միա՜յն անոր:


2- Հայութիւնը հիմնական եւ անյետաձգելի նպատակ ունի ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ բռնագրաւեալ այլ հողամասերը:
Այս է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի միակ նպատակը, զոր իրագործելու համար ընտրած է զինեալ պայքարի ուղին: Այս ընտրութիւնը պարտադրուած է հայ ժողովրդին, որովհետեւ Թուրքիա եւ անոր զորավիգ կանգնող կայսերապաշտ պետութիւնները կը կիրառեն բիրտ ուժի եւ բռնամիջոցներու գործածութիւնը՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը վերջնականապես բնաջնջելու մտադրութեամբ: Անոնք առանց անսալու կամ կարևորութիւն ընծայելու միջազգային հանրային կարծիքին եւ նույնիսկ ոտնակոխելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան որոշումները՝ վճռած են ուժով եւ բռնութեամբ անարդար ու անմարդկային լուծումներ պարտադրել հայ ժողովրդին եւ օրինականացնել անոր դեմ գործադրուած ցեղասպանութեան ոճիրը: Զինեալ ուժով ժողովուրդներ ընկճելով ստրկացնելու տրամաբանութիւնն է ասիկա, որի դեմ կարելի է պայքարիլ միա՜յն զենքով:
Այս տրամաբանութեան իսկ պարտադրած պայմանների բերումով, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը գործէ իբրեւ զինվորական կազմակերպութիւն, եւ անխուսափելիորեն ուրեմն կը վստահի առավելաբար զինեալ յարատեւ պայքարի, կիրարկելով ուժի քաղաքականութեան բոլոր տարբերակները:

3- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը դասական ըմբռնումով քաղաքական նպատակներ հետապնդող շարժում կամ կուսակցութիւն մը չէ, այլ իր ժողովուրդին եւ անոր հայրենիքի ազատագրութեան նուիրուած կազմակերպութիւն: Ինքնիրեն որոշ ու յստակ առաքելութիւն մը սահմանած ըլլալով, ան չի հետաքրքրուիր քաղաքական սին մարզանքներով եւ բացարձակապէս կը մերժէ մասնակից դառնալ միջկուսակցական մրցակցութեան, վեճերու կամ հակամարտութեանց: Ընդհակառակն՝ ան կը ձգտի եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով կը փորձէ միասնականութիւն ստեղծել հայկական բոլոր հոսանքներուն, կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ, որպէսզի համայն Հայութիւնը կարենայ իր հավաքական կամքի զօրութեամբը, նիւթական տնտեսական ու գիտական միջոցներով, իր ամբողջ ուժը ի սպաս դնել հայկական բռնագրաւեալ հողամասերու ազատագրութեան:
Նոյն մտահոգութեամբ ան կը ջանայ հնարավոր բոլոր միջոցներով քաջալերել եւ կազմակերպել սփիւռքահայութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, ինչպես նաև արգելք հանդիսանալ օտար պետութիւններու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուող ազգակործան արտագաղթին:
Այս՝ որպէսզի հայ ժողովուրդը ամբողջ կարենայ մոտ ապագային մեկտեղուիլ մէկ եւ միացեալ Հայաստանի մեջ եւ տեր կանգնիլ անոր՝ այս կերպ հեշտացնելով նաեւ իր հողային, ազգային եւ մարդկային իրավունքներու պաշտպանութիւնը:

4- Հիմնուած այն համոզումին վրայ, թե Հայկական Դատը լոկ ազգային ազատագրական է իր էութեան մէջ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը վարդապետական կամ գաղափարախոսական նպատականեր չի հետապնդեր եւ կը մերժէ միջազգային քաղաքական հակամարտութեանց մասնակից դառնալ: Հայ ժողովուրդը շահ չունի մեծ պետութիւններու եւ անոնց ենթակայ քաղաքական հակադիր հոսանքներու միջեւ մղվող շահադիտական հակամարտութիւններէն, եւ իրականութեան մէջ ցարդ միայն տուժած է անկէ:

5- Ազատագրական պայքարը պետք է շարունակուի առանց ընդմիջումի կամ ընկրկումի, մինչեւ որ Հայութիւնը վերատիրանայ իր հողային եւ մարդկային իրավունքներուն ու վերահաստատուի իր հայրենի հողի վրա: Թուրք ցեղասպան պետութիւնն ու անոր մեղսակից մեծ պետութիւնները պետք է գիտնան և համոզուին, թէ չեն կրնար հանգիստ ու խաղաղ մնալ այնքան ատէն, որ չեն սրբագրեր Հայոց դեմ գործուած անարդարութիւնը եւ այնքան ատէն, որ Հայութեան կը զլացուի մարդկային համահավասար իրավունքներ վայելել իր իսկ երկրին մէջ:

6- Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը Արեւմտեան Հայաստանի եւ բռնագրաւուած հայկական բոլոր հողամասերու ազատագրումէն ետք աւարտած կը համարէ իր առաքելութիւնը: Ազատագրուած Հայաստանի իշխանութիւնը կը ստանձնեն հոն վերահաստատուած հայ զանգվածները, որոնց բացարձակ իրավունքն է որոշել իրենց նախընտրած իշխանութեան ձեւը եւ ընտրել իրենց իսկապե՜ս ներկայացնող իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը:
Հայութիւնը ի՜նք պետք է որոշէ, թէ ինչպէս պիտի ծրագրէ եւ վարէ իր հաւաքական, ընկերային եւ պետական կեանքը, բնականաբար երբ վերահաստատուի պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն իրեն պատկանող երկրին մէջ: Ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ան օտար պետութիւն, միջազգային հոսանք կամ շարժում, ու նոյնիսկ ոչ մէկ հայ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն, իրաւունք ունի որոշ հասարակարգ կամ վարչակարգ մը պարտադրելու անոր:

7- Պատմական Հայաստանի պահպանուած պատառիկը նկատելով ամբողջական Հայաստանի կերտման կորիզ՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը սատար կը հանդիսանայ հոն հաստատուած հայ ազգային պետականութեան, իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներով:

8- Աշխարհը ամբողջ, իր մեծ ու փոքր պետութիւններով, չի կրնար խաղաղիլ ու մատչիլ վերջնական ապահովութեան՝ այնքան ատեն, որ կան իրավազրկուած ժողովուրդներ, որոնց երկիրները կը մնան գրաուած ծավալապաշտ պետութիւններու կողմէ եւ որոնք կը ենթարկուին բռնութեան, հալածանքի եւ բնաջնջումի սպառնալիքին՝ հարկադրուած ըլլալով իրենց գոյութիւնը քարշ տալ յարատեւ զրկանքի եւ անապահովութեան մէջ:

9- Իրաւազրկուած այլ ժողովուրդներու վրայ ի գործ դրուած բռնութեան եւ զանոնք ստրկացնելու ձգտող քաղաքականութեան դիմաց՝ նույն ճակատագրին ենթակա հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ. անխուսափելիօրէն, ուրեմն, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը, հայ ժողովուրդի զգացումներուն հարազատ թարգմանը հանդիսանալով, զօրավիգ կը կանգնի անոնց - նամանավանդ, Միջին Արեւելքի տարածքին մղուող ազատագրական պայքարներուն - ու նոյն հավատքով եւ վճռականութեամբ կը պաշտպանէ անոնց դատերը, պայմանաւ, որ իրենց հետապնդած նպատակները չհակադրուին հայկական գերագոյն շահերուն: