Երկայն ճամբան փոշելից է եւ քարոտ:  Ան` փուշերու եւ խիճերու մէջ` բոկոտ >>>

ՆՊԱՏԱԿԻՆ. Դանիէլ Վարուժան

Երկայն ճամբան փոշելից է եւ քարոտ: 
Ան` փուշերու եւ խիճերու մէջ` բոկոտ 
Կը յառաջէ: Եւ իր չորս կողմն ամէն բան 
Չորցած այրած է արեւէ մ’ափրիկեան: 
Ան կը քալէ: Ճակտէն քիրտեր կը հոսին, 
Եւ միացած բոկ ոտքերուն արիւնին` 
Հողն ու քարե՛րը ծիրանի կը ներկեն. 
Կը գինովնայ երկիր կամքի գինիէն: 
Կ’այրի գըլուխն. արտեւանունքն ու մազեր 
Ճերմըկցած են. հրատապ փոշի՛ն է ձիւներ: 
Ամբողջ մարմինն յոգնութենէ կը հակի, 
Բայց կը քալէ՜ դեռ քաջ ճամբորդը կեանքի: 
Ան` հոգւոյն մէջ կը կըրէ յոյսն, ու սըրտին, 
Սըրտին մէջ կամքն երկաթի պէս պինդ, ուժգին, 
Ու հեղեղի նըման յառաջ խիզախող, 
Որ խոչ ու խութ կը տապալէ ոտնակոխ: 
Եւ կը քալէ՜, կը քալէ միշտ: Իր ուժեր 
Տեղի կու տան. պէ՞տք է արդեօք գահվիժել 
Սա ժայռէն վար, ա՛լ վերջ տալու այս կեանքին, 
Ո՛չ, ո՛չ, յառա՜ջ, դէպ նըպատակն ըղձագին… 
…Բոց աչքերով ալ նըշմարեց ջուր, ծառեր, 
Եւ բուրաստան մ’ (յոյսին Եդեմ) եւ ըստուեր: 
Անոնք էին ովասիսներ հոգեգրաւ 
Իր անապատ կեանքին. քալե՛ց ու հասաւ: 
Հոն խաղաղ կեանք, երջանկութիւն գըտաւ ան, 
Կար կոյս մը գիրգ` շըրթունքներն իր խընկաման 
Համբոյրներու. հոն վէրքերէն իր` վարդեր 
Բողբոջեցան, եւ քըրտինքէն դափնիներ…

«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից, 1904 թ., digilib.am