Հ.Ժ.Շ. կը գուժէ իր անդամներէն Յակոբ Տաղլեանի անակնկալ մահը

Հայկական Ժողովրդային Շարժումը կը գուժէ իր անդամներէն Յակոբ Տաղլեանի անակնկալ մահը, որ տեղի ունեցած է այսօր առաւօտեան՝ իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքին մէջ՝ գրեթէ 50 տարեկան հասակին:
Այս ցաւալի եւ ծանր կորուստին առթիւ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այրիին, դստերը, հարազատներու եւ ընկերներու լայն շրջանակներուն:
Տարաբախտ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր սիրտերուն մէջ:

Հայկական Ժողովրդային Շարժում
Կեդրոնական խորհուրդ
26 Օգոստոս 2020